2010-05-06 14:06:17

Մայիս 6 մարեմեան խոկումներ` Պիտի չառողջանամ այլեւս…


 
Արժանահաւատ Տոքթ. Ֆավաս կը պատմէ հետեւեալ դէպքը.
-Օր մը ինծի ներկայացաւ աջ սրունքէն վիրաւորուած երտասարդ մը. հրացանի փամփուշտ մը անցած էր անկէ: Տարօրինակ վէրք մր էր: Բժշկական քննութիւնը վերջանալուն, հիւանդը վճռական շեշտով ըսաւ.
-Տոքթոր, ամէն խնամք անօգուտ է. այս խոցը ինծի պիտի ընկերանայ մինչեւ կեանքիս վերջը, մինչեւ գերեզման:
-Եւ ինչո՞ւ, հարցուցի:
-1793ին, իմ գումարտակս Սպանիա ղրկուեցաւ պատերազմի համար: Բիրենեան լեռները անցնելէ ետք, հասանք փոքրիկ գիւղ մը: Մենք երեք ընկերներ էինք. Ֆրանչեսքոն, Թոմասը եւ ես: Ունէինք այդ օրերու գաղափարները, այսինքն անհաւատ էինք, ըստ այդ շրջանի նորոյթին:
Թոմաս, տան մը դրան վրայ, Աստուածամօր արձան մը նշմարեց եւ ըսաւ.
-Տեսնենք, ո՞վ լաւ նշան պիտի առնէ այդ սնահաւատներու յարգած արձանին:
Նախ ինքը նշան առաւ ու զարկաւ արձանի ճակատին: Ֆրանչեսքոյ, իր կարգին հարուածեց կուրծքը:
Ես չէի ուզեր հետեւիլ ընկերներուս օրինակին, կը յիշէի մայրս, իր բարեպաշտութիւնը…. բայց չդիմացայ ընկերներուս ծաղրանքներուն եւ դողալով հրացանը հանգչեցուցի ուսիս, ակամայ գոցեցի աչքերս եւ հարուածեցի արձանը…
-Սրունքին զարկիր, այնպէս չէ՞, յարեց Տոքթորը:
-Այո, ճիշտ այս վէրքիս տեղը:
Պառաւ մը որ ականատես եղած էր բոլոր դէպքերուն, բացականչեց.
-Դուք պատերազմի կ’երթաք եւ ինչ որ ըրիք, վստահ եղէք որ բախտ պիտի չբերէ ձեզի:
Եւ մարգարէութիւնը իրականացաւ:
Թոմաս, առաջինը վիաւորուեցաւ ճիշտ ճակատէն, ինչպէս ըրած էր արձանին:
Անմիջապէս հասկցանք որ Աստուած կը պատժէր մեզ:
Յաջորդ առտուն Ֆրանչեսքոյ, կարծես նախատեսելով ըլլալիքը, ձեռքս սեղմեց եւ ըսաւ.
-Այսօր իմ կարգս է:
Ու չխաբուեցաւ: Աստուած իմ, փամփուշտ մը կուրծքը ծակեց եւ անդին անցաւ: Ինք փոշիներու մէջ կը տապկլտէր քահանայ մը կանչելով, բայց չգտնուեցաւ այդ վայրկեանին:
-Ես այլեւս տարակոյս չունէի, իմ կարգս էր եւ արժանի էի այդ պատիժին: Եւ ինչ որ պատահեցաւ. վիրաւորուեցայ սրունքէս: Ահա բոլորը: Ես պիտի չառողջանամ բնաւ, բայց շնորհակալ եմ Աստուծոյ եւ Ս. Կոյսին, որ ինծի ժամանակ տուին զղջալու եւ կեանքս ուղղելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.